2015-01-25 10:35:38

Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը` ջուր տուր ինծի որ խմեմ''. Համամիութիւնը պարգեւ մըն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Պարգեւի գաղափարը էական է համամիութեան համար, որովհետեւ կը հիմնուի այն մտքին վրայ, որ ուրիշը կարող է ինծի բան մը բերել։ Կարող է սատարել իմ կեանքիս որակին ու անոր բարւոքումին։ Քրիստոնեաները ինչ յարանուանութեան, որ պատկանին, կը բաժանեն հասարակաց արժէքներ։ Կարեւորը մէկը միւսը ընդունիլ եւ հիւրընկալելն է առանց յետին նպատակ ունենալու կամ դարձի բերելու միւսը։
Եթէ բաժնեկցութեան կամքը ունինք, եթէ միասին բան մը հիմնելու կամքը կայ, տարբերութիւնները կը կորսնցնեն իրենց արժէքը։ Կարող ենք միասին մեծնալ առանց խառնուրդի։
Համամիութիւնը նախ եւ առաջ ուրիշը սիրելն է` միասնաբար ընթանալու համար։ Սէրը սաւառնակի թեւերու օդի նման է։ Չենք տեսներ, սակայն էական են։
Համամիութեան ճանապարհը կ'օգնէ մեզի մեծնալու, աշխարհ մը մէջ որ կը տառապի հոգեւորութեան ներկայութեան պակասէն։ Պէտք չէ որ աստուածաբանութիւնը փակէ մեզ` ինչպէս կ~ըսեն ''Հոգին տունը կ'ընէ, սակայն տունը մեզ կը փակէ''։
Տարակոյս չկայ որ համամիութեան գլխաւոր արգելքն է խոր հոգեւորութեան պակասը։








All the contents on this site are copyrighted ©.